2014-11-02 12:12:22

“Մարդը վիճակուած է անսահման կեանքի` որուն կատարումը կը գտնուի Աստուծոյ մէջ” ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը 2 նոյեմբերին արտասանած Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի ընթացքին։


(Ռ.Վ. 2 նոյեմբեր 2014) Կիրակի` 2 նոյեմբեր 2014-ի կէսօրին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ։
Աղօթքի ընթացքին կատարած խորհրդածութեան մէջ, Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց այս օրերու ծիսական տօնակատարութիւններուն` Ամենայն սրբոց տօնը եւ օր մեռելոցը։ ”Երկու ծիսական յիշատակներ որ սերտօրէն միացած են իրարու, նման այն ուրախութեան եւ արցունքներուն որոնք Յիսուս Քրիստոսի մէջ կը գտնեն ամփոփումը որ հիմքը կը կազմէ մեր հաւատքին ու մեր յոյսին”, ըսաւ Քահանայապետը ու ակնարկեց` այս օրերուն տեղի ունեցող աւանդութիւններուն` գերեզմաններու այցելութիւնը, որ ”հանգստեան վայր է” վերջնական զարթնումը սպասելով։ Այս հաւատքով է որ կանք կ՛առնենք մեր սիրելիներու շիրիմներու մօտ, ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը ու մատնանշեց թէ այսօր կանչուած ենք յիշելու նաեւ անոնք որ ոչ մէկը կը յիշէ` պատերազմներու եւ բռնութիւններու զոհերը, աշխարհի փոքրիկները որոնք կը տառապին սովէն եւ աղքատութենէն ու իրենց քրիստոնէական հաւատքին համար սպաննուած այն մեր եղբայրներն ու քոյրերը եւ բոլոր անոնք որոնք իրենց կեանքը զոհեցին ուրիշներուն ծառայելով։ Տիրոջ նուիրենք բոլոր անոնք որ այս տարուայ ընթացքին մեզ թողուցին - յորդորեց Քահանայապետը ու շարունակեց - Եկեղեցին մեզ կը հրաւիրէ աղօթելու ննջեցեալներուն համար յատկապէս անոնց հոգւոյն հանգստեան նուիրելով պատարագներ` որ հոգեւոր ամենալաւ օգնութիւնն է։ Ննջեցեալներուն յիշատակը եւ գերեզմաններու հոգատարութիւնը վկայութիւնն են այն վստահելի յոյսին որ արմատացած է վստահութեան մէջ թէ մահը մարդու ճակատագրի վերջին հանգրուանը չէ որովհետեւ մարդը վիճակուած է անսահման կեանքի` որուն արմատներն ու կատարումը կը գտնուին Աստուծոյ մէջ։
Այս հաւատքով հայցենք Աստուածամօր բարեխօսութիւնը որպէսզի մեզի թիկունք կանգնի աշխարհի վրայ մեր առօրեայ ճանապարհորդութեան ընթացքին ու մեզի օգնէ մեր առջեւէն չի հեռացնելու կեանքի նպատակակէտը` Երկինքի Արքայութիւնը – ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը խորհրդածութիւնը եզրափակելով, ապա արտասանեց Մարեմեան աղօթքը որուն աւարտին ողջունեց հրապարակը գտնուող իտալացի եւ օտարազգի հաւատացեալները, անոնցմէ խնդրելով որ աղօթեն իրեն համար։
Յայտնենք որ Կիրակի, 2 նոյեմբերի ժամը 6-ին, Վատիկանի գետնադամբանին մէջ, Սրբազան Հայրը կը նախագահէ ննջեցեալ Քահանայապետերու դիտաւորութեան կազմակերպուած հոգեհանգստեան աղօթքի արարողութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.